1 Corinthians 8
1 Գալով կուռքերուն զոհուած կերակուրներուն, գի–տեմ թէ «բոլորս ալ պէտք եղածը գիտենք» ըսողներ կան։ Գիտցէ՛ք սակայն, թէ գիտութիւնը կը հպարտացնէ, մինչ սէրը հաւատքը կ՚ամրապնդէ։
2 Ով որ կը խորհի թէ բան մը գիտէ, յստակ է որ տակաւին չի գիտեր այնպէս՝ ինչպէս որ պէտք է գիտնայ։
3 Իսկ ով որ զԱստուած կը սիրէ, ինքն ալ Աստուծմէ կը ճանչցուի։
4 Արդ, կուռքերուն զոհուած կերակուրներուն կապակցութեամբ գիտենք, թէ կուռքերը աշխարհի մէջ բան մը չեն ներկայացներ, եւ թէ միայն մէկ Աստուած կայ։
5 Որովհետեւ թէպէտ անուանապէս կան երկնաւոր եւ երկրաւոր աստուածներ, ինչպէս որ մեր շուրջը կը տեսնենք թէ կան բազմաթիւ «աստուած» ներ եւ բազմաթիւ «տէր» եր,
6 բայց մեզի համար մէկ Աստուած կայ, Հայրը, որմէ սկիզբ առած է ամէն բան, եւ մենք իրեն համար կանք. եւ կայ մէկ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոսը, որուն միջոցաւ ստեղծուեցաւ ամէն բան, եւ մենք անոր միջոցաւ կանք։
7 Բայց այս գիտակցութիւնը ամենուն քով չկայ։ Ոմանք դեռ մինչեւ հիմա խղճի հարց կ՚ունենան, երբ կուռքերուն զոհուած կերակուրներէն կ՚ուտեն. եւ որովհետեւ իրենց խղճմտանքը տկար է, իրենք զիրենք պղծուած կը զգան։
8 Բայց կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը բերէ։ Ո՛չ ուտելով բան մը կը շահինք, ո՛չ ալ չուտելով բան մը կը կորսնցնենք։
9 Բայց, զգո՛յշ եղէք. չ՚ըլլայ որ ձեր ազատութիւնը գայթակղութեան պատճառ դառնայ տկարներուն համար։
10 Եթէ մէկը տեսնէ որ դուն՝ որ գիտակցութիւն ունիս՝ մեհեանի մը մէջ սեղան նստեր ես, ինք՝ խղճմտանքը տկար եղողը՝ պիտի չքաջալերուի՞ կուռքերուն զոհուած կերակուրներէն ուտելու։
11 Եւ ահա, քու «գիտութիւն» դպատճառ պիտի ըլլայ որ կորուստի մատնուի հաւատքով տկար եղբայր մը, որուն համար Քրիստոս մեռաւ։
12 Եւ երբ այսպէս ձեր եղբայրներուն հանդէպ մեղք կը գործէք՝ անոնց տկար խղճմտանքը վիրաւորելով, Քրիստոսի դէմ մեղք գործած կ՚ըլլաք։
13 Ահա թէ ինչու, եթէ իմ ուտելս կը գայթակղեցնէ հաւատակից եղբայրս՝ բնաւ միս չեմ ուտեր, որպէսզի եղբայրս չգայթակղեցնեմ։